2013-09-05 11:42:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը` Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Ասորի Մալանքար Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատուիրակութեան։


Հինգշաբթի 5 սեպտեմբեր 2013-ի, առաւօտեան ժամը ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Արեւելքի Կաթողիկոս եւ Ասորի Օրթոտոքս Մալանքար Եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ` Նորին Սուրբ Պազիլիոս Մարթոմա Փոլոզ Բ. ու անոր ընկերացող Պատուիրակութիւնը։
Յայտնենք որ Փոլոզ Բ հովուական այցելութեամբ ժամանած է Եւրոպայ եւ Հռոմ կեցութեան ընթացքին հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի անդամներուն հետ։ Ասորի Օրթոտոքս Մալանքար Եկեղեցին ունի 2,5 միլիոն հաւատացեալ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ժամը 12-ին ընդունեց Ուրուկուայի Մոնթէվիտէոյի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Նիքոլաս Գոդունիօ ֆանիցցին, հուսկ 12,30-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Նէոգադէգումենալ շարժումի հիմնադիր` Գիգօ Արկէլլոն։

Ասորի Մանաքար Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան ուղղած իր խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց Ասորի Մալանքար Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ յատուկ պատուիրակութիւնը ընդունելուն համար։ Եկեղեցի մը որ ծնած է Թովմաս առաքեալի նահատակութեան վկայութեամբ - յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ ''առաջին աշակերտներու առաքելական եղբայրութիւնը այսօր եւս կը միացնէ մեր եկեղեցիները հակառակ պատմութեան բաժանումի տխուր անցուդարձերուն զոր կը փորձենք դիմագրաւել հպատակելով Աստուծոյ կամքին։ ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Թովմաս առաքեալի թերահաւատութեան ու Յիսուսի հետ անոր ունեցած հանդիպումին։
ֆրանչիսկոս Պապը ապա վերյիշեց 30 տարիներ առաջ 1983-ի յունիսին, Մորան Մար Պազէլիոս Մարթոմա Մաթիուս Ա. Կաթողիկոսի այցը Հռոմ ու անոր հանդիպումը ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետին հետ ինչպէս նաեւ երկու Եկեղեցապետերու հանդիպումը 1986-ին, ՅՊԲ-ի Հնդկաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին որոնք սատարեցին երկու Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան հաստատումին եւ 1990-ի ստորագրուած համաձայնագրութեան։
Ուզեցի այս հանգրուանները նշել - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը - որովհետեւ համամիութենական ուղեւորութեան ընթացքին անհրաժեշտ է նայիլ անցեալի մէջ կատարուած քայլերուն, գերազանցելով նախապաշարումներն ու արգելքները։
Թող Սուրբ Հոգին շարունակէ մեզ լուսաւորել եւ մեզ առաջնորդել դէպի հաշտութիւն եւ ներդաշնակութիւն յաղթահարելով բաժանումի եւ հակառակութեան պատճառները որ մեր անցեալը յատկանշեցին։
Նորին Սրբութիւն - ըսաւ հուսկ ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակելով - միասին ընթանանք այս ճանապարհի վրայ յոյսի մէջ սպասելով այն օրը երբ, Աստուծոյ օգնութեամբ, պիտի միանանք Քրիստոսի զոհաբերումի խորանին վրայ, Սուրբ Հաղորդութեան լիութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ խնդրեց աղօթել մէկը միւսին համար եւ հայցեց Սուրբ Պեատրոի ու Սուրբ Թովմասի բարեխօսութիւնը որպէսզի ընկերանան երկու Եկեղեցիներու ուղեւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.